2014-09-12 13:08:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Քոնկոյի եպիսկոպոսներուն եւ Իտալական Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում.


Ուրբաթ, 12 սեպետեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քոնկոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը ապա, Քլեմենթինա սրահին մէջ, ընդունեց Իտալական Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամները մինչ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Դաշնակցային Գերմանիոյ հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչը։
Իտալական Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը նախ մատնանշեց ընկերակցութեան ձեռնարկած` սուրբ գիրքի ազգային 43րդ շաբաթուան, տօնախմբելու Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի ''Տէյ Վերպում'' սահմանադրական վարդապետութեան 50-րդ ամեակը։ Ան ապա գնահատանք ու երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց տածած թանկարժէք աշխատանքին համար, որպէս Սուրբ Գիրքի ուսումնասէրներ եւ դասատուներ, մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը ու անոր յանձնարարութիւնները սուրբ գիրքի հետազօտութեան կարեւորութեան մասին, քրիստոնէական հաւատքին առընչութեամբ։
Ասոր համար – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – ակատեմական հմտութեան կից կը պահանջուի նաեւ հաւատք, ընդունուած եւ կիսուած հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։ Այս ուղղութեամբ մեր տիպարը ըլլալու է Աստուածամայրը որուն մասին Սուրբ Ղուկաս կը յայտնէ. ''Մարիամ­, իր զաւկին խօսքերն ու գործերը - կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոնց վրայ''։
Տիրամայը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքին աւարտին – մեզի կը սորվեցնէ լիովին ընկալել Աստուծոյ խօսքը ոչ միայն մտաւորական հետապնդումներով այլեւ մեր ամբողջ կեանքով։
Սիրելի եղբայրներ շնորհակալ եմ ձեր այցելութեան համար, կ՛օրհնեմ ձեզ ու ձեր աշխատանքը ու ձեզմէ կը խնդրեմ աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.